2013-01-17 11:59:09

Փաքիստանի Գերագոյն Ատեանը Ազատ Կ'արձակէ Ռիմշա Մասիհ` Քրիստոնեայ Աղջիկը Ամբաստանուած Էր ''Քուրանը'' Այրելու Մեղադրանքով։


Փաքիստանի գերագոյն Ատեանը ազատ արձակած է Ռիմշա Մասիհը, որ նոյեմբեր 2012-ին մահուան դատապարտուած էր ''Քուրանը'' սրբապղծելու ամբաստանութեամբ։
Անկար աղջիկը սուտ ամբաստանութեան զոհ եղած էր։ Աղջկան փաստաբանը իր խնդակցութիւնը յայտնած է այս վճիռին առընչութեամբ մատնանշելով որ արդարութեան այս որոշումը դրական պատգամ մըն է միջազգային հասարակութեան եւ ապացոյց մըն է որ Փաքիստանի մէջ դատավարութիւնը բոլորին համար հաւասար է։








All the contents on this site are copyrighted ©.